ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի մէջ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ մարտական անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութեան ընդարձակման հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ կազմակերպուած «IDEX-2023» սպառազէնի միջազգային ցուցահանդէս-համաժողովի շրջանակներէն ներս Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Մատաթ Կուլիեւ հանդիպում մը ունեցած է Իսրայէլի «Aeronautics» ընկերութեան ղեկավար Մոշէ Էլազարի հետ։ Այս առթիւ կարծիքներ փոխանակուած են անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան ընդլայնման կապակցութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր սպառազինութեան լուրջ մատակարարում կ՚ապահովէ Իսրայէլէն եւ այդ ամբողջին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն անօդաչու թռչող սարքերը։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2023