ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Շահէն Աւագեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասսէր երէկ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լուքաս Կասսէր Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու նախագահն է։
Այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծուեցաւ, թէ Հայաստանի մէջ առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի ֆրանսախօս երկիրներու հետ համագործակցութեան նկատմամբ։ Այս տարի Երեւանի եւ երկրի բոլոր մարզերէն ներս ֆրանսախօսութեան շարժման շրջագծով պիտի իրականացուին շուրջ վեց հարիւր ձեռնարկներ, մշակութային, կրթական կամ համալսարանական բնոյթով։
Շահէն Աւագեան մատնանշեց, թէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ Հայաստան հաստատած է սերտ համագործակցութիւն մը, ինչ որ կ՚ընդգրկէ զանազան բնագաւառներ. օրինակ՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ այլն։