ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքէն ներս։ Սա Հայաստան-Վրաստան սահմանին վրայ գտնուող համայնք մըն է։ Երկու վարչապետները աւելի առաջ ալ նոյնպէս անպաշտօն հանդիպում մը ունեցած էին յունուարի 15-ին՝ այս անգամ Վրաստանի սահմանամերձ Պոլնիսի քաղաքին մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները երէկ քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու օրակարգային զանազան հարցերը, անդրադարձան երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ զանազան նիւթերու։

Փաշինեան եւ Պախտածէ ընդգծեցին հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը բոլոր ուղղութիւններու մէջ։ Վարչապետները համոզուած են, թէ յետագայ աշխոյժ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկու հարեւան ու բարեկամ պետութիւններու միջեւ զանազան ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման։

Այս ամբողջին մէջ վարչապետները կարեւորեցին ոչ միայն պաշտօնական, այլ նաեւ անպաշտօն հանդիպումներու յաճախակի կազմակերպումը։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019