ՄԵԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Իսթանպուլի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը։ Ենիգաբուի հրապարակին վրայ կազմակերպուած այս հանրահաւաքը «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ ուժի ցոյց մըն էր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ։ Ծովածաւալ բազմութեան մը ներկայութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հնարաւորութիւն ունեցաւ Իսթանպուլի բնակիչներուն փոխանցել իր պատգամը 31 մարտէն առաջ։ Նախագահ Էրտողանի առընթեր հանրահաւաքի միւս հիմնական ատենախօսներն էին՝ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է։

Մօտաւորապէս 1 միլիոն 600 հազար հոգի մասնակցեցաւ Ենիգաբուի հրապարակի երէկուան հանրահաւաքին, որու ընթացքին նախագահ Էրտողան յատկապէս անդրադարձաւ կղզիներու կացութեան։ Ան շեշտեց, որ իր իշխանութեան տարիներուն մեծ ծառայութիւններ մատուցուած է կղզիներուն համար։ Որպէս օրինակ թուարկեց կղզիներու բնական կազով օժտուիլը, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան վերաբերեալ առնուած քայլերը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց, որպէսզի կըղ-զեբնակները այս բոլորը նկատի առնեն։

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019