ԽԵԼԱՑԻ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ

Թայլանտի մէջ մարդամեքենաները կը խնամեն քորոնաժահրով հիւանդները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Չուլալոնկքոռնի համալսարանը եւ Advanced Info Service (AIS) կապի գործարկուն Թայլանտի մէջ մշակած են 5G փորձագիտութիւնով խելացի մարդամեքենաներ, որոնք կրնան հետեւիլ եւ խնամել քորոնայով վարակուած հիւանդները: Անոնցմէ մի քանին արդէն կը կիրառուին թագաւորութեան երեք բժշկական հիմնարկութիւններուն մէջ. երկուքը՝ Ռաչավիտի հիւանդանոցին, մէկը՝ Թայլանտի կուրծքի կեդրոնական կաճառին եւ Նոփարատ Ռաչատանի հիւանդանոցին մէջ։

«Մենք մեր 5G ցանցը գործի լծած ենք գործարար շրջաններու մէջ խելացի մարդամեքենաները օգտագործելու համար նոր քորոնաժահրի դէմ պայքարի գծով», կը մէջբերէ Bangkok Post թերթը AIS-ի համազգային գործողութիւններու եւ աջակցութեան ղեկավար Վասիտ Վատանասափի խօսքը: Մարդամեքենաները հաւաքած են Չուլալոնկքոռնի համալսարանի ճարտարագիտական եւ բժշկական բաժիններուն մէջ։

Մեքենաները կ՚օգտագործուին կասկածի տակ գտնուող մարդոց ախտանիշներու հսկման եւ արդէն ախտահարուածներու խնամքի համար, որպէսզի նուազեցուի բժշկական անձնակազմի վարակման հաւանականութիւնը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2020