ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ

Հայաստանի օրակարգը ծանրաբեռնուած է հարցականներու շարանով մը։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնով ստեղծուած է ընդհանուր լաւատեսութիւն մը։ Երէկ, 24 Ապրիլի բերումով ներքին քաղաքական պայքարին տրուեցաւ միօրիայ ձեւական դադար մը։ Բայց եւ այնպէս, յեղափոխութիւնով պայմանաւորուած լաւատեսութիւնը, ըստ երեւոյթին, կասկածի տակ կը մնայ առաւելապաշտ ակնկալութիւններու հրահրումով։ Ընդհանուր պղտորութիւն մը կը տիրէ Հայաստանի օրակարգին վրայ։ Սա որոշ չափով հասկնալի կը համարուի՝ յեղափոխութեան յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այդ պղտորութեան յաղթահարման առումով մտահոգութիւնները խորացած են, որովհետեւ ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան անակնկալ որոշումով մը չեղարկեց վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ նախատեսուած բանակցութիւնները։ Ըստ իրեն, իրենց համար քննարկելի միակ օրակարգը իշխանութեան անցնցում փոխանցումն է ժողովուրդին ու անոր ներկայացուցիչին։ Ան միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց իր համակիրներուն, որպէսզի այս առաւօտ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբուին։ Ուրեմն, այս առաւօտեան դրութեամբ մայրաքաղաքի կեդրոնին հանրահաւաքները կը շարունակուին։ Ըստ Երեւանէն հասած լուրերուն, ցուցարարներու լայն մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենան այդ հանրահաւաքները։ Միեւնոյն ժամանակ, իշխանութիւնները սկսած են զօրք մտցնել մայրաքաղաքի կեդրոնը՝ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու նպատակով։

Ներկայ լարուած իրավիճակին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Ան ներկայ փուլին շուրջ փոխանցեց յստակ պատգամներ։

Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան երէկ օտարերկրեայ դիւանագէտներու հետ հանդիպելէ վերջ այս առաւօտ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան յայտնեց, որ իրեն համար ընդունելի չէ ժողովուրդի թեկնածու ընտրելու Փաշինեանի առաջարկած ձեւը։ «Անկայուն վիճակը չի կրնար օգուտ տալ երկրին», ըսաւ Կարապետեան եւ կոչ ուղղեց երկրի քաղաքացիներուն՝ որպէսզի ըլլան առաւելագոյնս սթափ։ «Եթէ լուծումներ չգտնենք, ապա խնդիրներ պիտի ունենանք ամէն ինչի մէջ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ կողմնակից է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կատարման։ «Ժողովուրդի ընտրեալ ըլլալու այլ յատկանիշ չկայ», ըսաւ Կարէն Կարապետեան։

Այս առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութիւնը ներկայացուած է յարակից սիւնակին մէջ։

ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ  ԽՕՍՔԸ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Երէկ Ապրիլի 24-ին մեր ամբողջ ժողովուրդը, համաշխարհային հանրութեան հետ, ոգեկոչեց մեր Սուրբ նահատակներու յիշատակը՝ դրսեւորելով ազգային համերաշխութեան եւ միասնութեան օրինակ։

Այսօր նոյնպէս, առաւել քան երբեւէ, մենք պէտք է ըլլանք միասնական եւ համախումբ։

Քաղաքացիական շարժումը, որու մէջ ներգրաւուած է յատկապէս երիտասարդութիւնը, նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ Հայաստանի քաղաքական կեանքի առողջացման եւ ժողովրդավարութեան խորացման ուղղութեամբ։ Ան կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հեղինակութիւնը աշխարհի վրայ, եթէ մենք կարենանք ճիշդ եւ կշռադատուած լուծումներ գտնել։

Այդ իմաստով չափազանց կարեւոր է կողմերու միջեւ երկխօսութեան մեկնարկը։ Ծանօթ եմ այսօր առաւօտեան նախատեսուած բանակցութիւնները դադրեցնելու մասին քաղաքացիական շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի յայտարարութիւններուն եւ արտայայտուած դիրքորոշումներուն։

Ափսոսանք կը յայտնեմ, որ բանակցութիւնները ընդհատուած են։

Երկիրը եւ մեր երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը կը գտնուին լուրջ քննութեան առջեւ։

Մտահոգ ստեղծուած դրութեամբ՝ այսօրուընէ սկսեալ խորհրդակցութիւններու կը սկսիմ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու երկրէն ներս ստեղծուած վիճակը եւ այդ մէկէն դուրս գալու ուղիները։

Կը յուսամ, համատեղ ջանքերով մենք կը յաջողինք փոխըմբռնման ոգիով գտնել հնարաւոր հանգուցալուծման ուղիները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018