ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, ժամը 19.15-ին, Թիւնէլի հրապարակին վրայ, 24 Ապրիլի առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան դէմ DurDe! նախաձեռնութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս սգահանդէսը, որ դարձած է աւանդական։ Եօթ տարիէ ի վեր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու վերյիշման նպատակով կը կազմակերպուին այս ոգեկոչումները։ Կազմակերպիչներուն անունով պատրաստուած յայտարարութիւնը այս տարի ընթերցեց քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրաս։ Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ 24 Ապրիլը ժողովուրդի մը ենթարկուած բռնութեան սկիզբի օրն է։ Երկու տարուան ընթացքին Անատոլուն ամբողջութեամբ հայաթափուած է։ Հայոց առընթեր ասորիներն ալ ենթարկուած են նոյն բռնութեան։

Ուֆուք Ուրասի կողմէ ընթերցուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Մենք նկատենք կամ ոչ, 24 Ապրիլ 1915 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կեանքը ցամքած է։ Մինչ ժողովուրդ մը իր ամբողջ արժէքներով ոչնչացուած է՝ հասարակութիւնն ալ վիրաւորուած է իր ամբողջ արժէքներով։ Մինչ ժողովուրդ մը ամբողջ մշակոյթով ոչնչացուած է, համակեցութեան մշակոյթն ալ սաստիկ հարուածի մը ենթարկուած է»։

Բաց աստի, նոյն յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Անատոլուէ ներս մշակութային ու մարդկային այս ցամքումը սերունդներ շարունակ առանձնութեան դատապարտած է Թուրքիոյ բոլոր բնակիչները։ «Այս ցամքածութիւնը կարելի է յաղթահարել միայն ու միայն առերեսման ոստումով մը», նշուեցաւ Ուֆուք Ուրասի կողմէ ընթերցուած յայտարարութեան մէջ։ Նոյն առթիւ ընդգծուեցաւ, որ անցած է 103 տարի եւ հաւաքականութիւնը տակաւին երկար չի կրնար հանդուրժել ժամանակ կորսնցնելու։ «Մենք կ՚ուզենք ոչ թէ մեղմել ցաւերը, այլ կ՚ակնկալենք շօշափելի քայլեր, որոնք վերջ պիտի տան ուրացման։ Մենք կը փափաքինք, որ վերջ գտնէ ուրացումը», ընդգծուեցաւ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որու աւարտին կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի 1915-ի բոլոր զոհերու յիշատակին առջեւ բերուի խոնարհում։

Հարկ է նշել, որ երէկուան ոգեկոչման արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ արտասահմանէն շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Բաց աստի, մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Եւրոպայի մասնաճիւղի պատասխանատուներէն Նիքոլա Դաւիթեան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018