ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ՝ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՔԻԵՒ ԱՅՑԵԼԵԼԷ ԱՌԱՋ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն երկու ամիսէ ընթացքի մէջ է։ Սա միջազգային հրատապ օրակարգ դարձած է թէ՛ մարդասիրական ծանր հետեւանքներով եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգին հասցուցած լուրջ հարուածներով։ Շաբաթներէ ի վեր խաղաղութեան որոնումները կը շարունակուին, սակայն, ապարդիւն։

Միջազգային ընտանիքի կարգաւորման յամառ փորձերու մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կը պատրաստուի հանդիպումներ ունենալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ ուղեւորութեան ընդառաջ՝ ընդհանուր քարտուղարը այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Մինչ Թուրքիա անընդհատ աշխատանք կը տանի պատերազմական իրավիճակը հարթելու ուղղութեամբ, երէկ, Էրտողան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Զելենսքիի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Զելենսքի Էրտողանի զօրակցութիւնը խնդրած է, որպէսզի Մարիուփոլի քաղաքային բնակչութեան տարհանման կազմակերպումը հնարաւոր դառնայ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022