ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ «ՎԱՐԴԱՏՕՆ-2017»
Սայաթ Նովայի յիշատակը յաւերժացնող «Վարդատօն-2017»ը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 28-ին Թիֆլիզի մէջ։ «Վիրահայերու միութիւն»ը՝ Թիֆլիզի քաղաքապետարանին, Հայաստանի եւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութիւններուն, Թիֆլիզի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի եւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ կը կազմակերպէ աշուղ Սայաթ Նովային նուիրուած աւանդական «Վարդատօն»ը:
Համերգային ծրագրին պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր խումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի մականին ներքոյ, Թիֆլիզի «Ջէյրան», «Վանք», «Անի» եւ «Մուշ» պարային խումբերը, Թիֆլիզի Պետրոս Ադամեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի թատերական խումբը:
Վարդատօնը առաջին անգամ տօնած են 1914 թուականին, Թիֆլիզի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի, Գէորգ Բաշինջաղեանի եւ Եոսէփ Կրիշաշուիլիի նախաձեռնութեամբ: Աւանդաբար ամէն տարի Թիֆլիզի մէջ Մայիսի վերջին Կիրակին կը նշուի որպէս Սայաթ Նովայի յիշատակի օր՝ «Վարդատօն»: