ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն խորհր­դակ­ցու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց Գում­գա­բուի մէջ։ Այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ան ամ­փո­փեց ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ խումբ մը յա­ռա­ջա­տար ազ­գա­յին­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց Ըն­տե­րալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի ու­ղար­կած հրա­ւէր-նա­մա­կին մա­սին։ Այս ժո­ղո­վէն ա­ռաջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ար­դէն ու­ղար­կած էր այդ նա­մա­կը ու տե­ղեակ պա­հած՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը։ Իսկ ժո­ղո­վէն վերջ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կե­ցին հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յոյս յայտ­նեց, թէ ժամ ա­ռաջ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ ձեռ­նար­կել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Այս կա­րե­ւոր ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան՝ բազ­մա­մեայ բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, մեր փոր­ձա­ռու ազ­գա­յին­նե­րէն Մել­քոն Քա­րա­քէօ­սէ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Ս. Աստ-ւա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան, ինչ­պէս նաեւ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան եւ «Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­պետ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան։

Ան­կեղծ զրոյ­ցի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ վեր­յի­շեց վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ իր են­թար­կուած զրպար­տու­թիւն­նե­րը, ցե­խար­ձա­կում­նե­րը, ա­նար­գանք­նե­րը եւ ի­րեն դէմ ձեռ­նար­կուած մա­շե­ցու­ցիչ պայ­քա­րը։ Ան այդ բո­լո­րի պար­գա­յին միշտ նա­խընտ­րած էր պա­հել լռու­թիւն՝ հա­մայն­քի ան­դոր­րը չխան­գա­րե­լու նպա­տա­կով։ Իր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան կեդ­րո­նա­ցաւ Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի հանգս­տեան կո­չուե­լուն յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բա­ցատ­րեց, թէ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի ար­դիւն­քով ստեղ­ծուած դրա­կան մթնո­լոր­տը ինչ­պէս հու­նէ դուրս գա­լով՝ վե­րա­ծուած էր փա­կու­ղիի մը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ծա­գած վե­րի­վայ­րում­նե­րուն։

Անդ­րա­դառ­նա­լով ներ­կայ կա­ցու­թեան՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց, որ թէեւ պե­տու­թեան կող­մէ Պատ­րիար­քա­րան հա­սած գրա­ւոր փաս­տա­թուղ­թեր չկան, սա­կայն իր տա­րած աշ­խա­տան­քով վե­րա­հա­սու դար­ձած է, թէ պատ­կան մար­մին­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­փո­խուած են ու մա­նա­ւանդ ա­նոնք Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նը որ­պէս տե­ղա­պահ ըն­դու­նե­լու գա­ղա­փա­րին հետ պի­տի հաշ­տուին աս­տի­ճա­նա­բար։ Հե­տե­ւա­բար, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ պա­հը հա­սուն­ցած հա­մա­րած է քա­ղաքս հրա­ւի­րե­լու հա­մար ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը՝ ու­նե­նա­լով ե­րաշ­խիք­ներ, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ու պե­տու­թեան մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւն­ներ պի­տի չծա­գին եւ վար­չա­կան կա­յու­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ բար­դու­թիւն­ներ պի­տի չյա­ռա­ջա­նան։

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին տե­ղա­պա­հին կող­մէ գլխա­ւո­րուե­լիք գոր­ծըն­թա­ցով պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու ժամ ա­ռաջ ի կա­տար ա­ծուե­լուն ուղ­ղու­թեամբ։

Խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից ազ­գա­յին­նե­րը եւս ան­կեղծ վե­րա­բեր­մուն­քով պար­զե­ցին ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Ա­նոնք յայտ­նե­ցին, որ վեր­ջին շուրջ ինն տա­րի­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին թէեւ ա­մէն ինչ կա­տա­րեալ չէր ե­ղած, սա­կայն Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գեր­մարդ­կա­յին ջանք վատ­նած էր Պատ­րիար­քա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րինս կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մար։ Ա­նոնք ի­րենց գնա­հա­տանքն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նկատ­մամբ՝ թէ՛ այդ աշ­խա­տան­քին եւ թէ ներ­կայ փու­լին դրսե­ւո­րած հա­սու­նու­թեան հա­մար։ Ազ­գա­յին­նե­րը խոր­հուրդ տուին նաեւ ինն տա­րի­նե­րու այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի բաց­թո­ղում­նե­րէն քա­ղել անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին օգ­տուիլ այդ բո­լո­րէն։

Թէեւ հրա­ւի­րուած էր, սա­կայն Պատ­րիար­քա­րա­նէն ե­րէկ ա­կա­մայ բա­ցա­կա­յե­ցաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ հրա­ւի­րուած էր նա­հան­գա­պե­տա­րան։ Գում­գա­բուի մէջ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին քննարկ­ման նիւթ դար­ձաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ Համ­բարձ­ման տօ­նին առ­թիւ մեր մա­մու­լին փո­խան­ցուած պաշ­տօ­նա­կան ազ­դը, ուր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տե­լիք սրբա­զա­նին ա­նու­նը չէր նշուած։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան զուսպ ո­ճով մը ցաւ յայտ­նեց այս խնդրին շուրջ եւ ա­ւել­ցուց, որ մեր հա­մայն­քի այս մե­ծա­գոյն հաս­տա­տու­թիւ­նը սո­վո­րա­բար ա­ռա­ւե­լա­գոյն նրբան­կա­տու­թեամբ հա­շուի կ՚առ­նէ այս­պի­սի պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րը, իսկ Համ­բարձ­ման ազ­դի պա­րա­գան դժբախ­տա­բար մնա­ցած է այդ ծի­րէն դուրս։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ներ­կայ ազ­գա­յին­նե­րուն յայտ­նեց, թէ այս հրա­ժա­րա­կա­նի ո­րո­շու­մը ըն­դու­նե­լու ժա­մա­նակ միշտ կա­պի մէջ ե­ղած է Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ, մա­նա­ւանդ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջէն ի վեր։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը փո­խան­ցած է իր բարձր գնա­հա­տան­քը։ Ներ­կայ ազ­գա­յին­ներն ալ շեշ­տե­ցին, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի այս քայ­լը կը կան­խէ մեր հա­մայն­քէն ներս քաո­սի մը ստեղ­ծուի­լը։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017