ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի վերջերս նոր պարգեւի մը արժանացած է Նիւ Եորքի մէջ։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմն ու Վարդանանց ասպետները որոշած են պարգեւատրել Շահան Արծրունին՝ բարձր գնահատանքի առարկայ դարձնելով իր կողմէ բերուած նպաստը հայկական մշակոյթին ու ժառանգութեան համար։ Անցեալ շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած մեծարանքի մասնաւոր հանդիսութիւնով մը պարգեւատրուած է Շահան Արծրունի։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին պարգեւատրուած է նաեւ ամերիկահայ համայնքի երաժշտական կեանքի վաստակաշատ անուններէն Քրիս Գալֆաեան։

Աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի ցայսօր դափնիներու արժանացած է բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Երաժշտական կալուածէ ներս իր ունեցած ներդրումը միշտ կ՚արժեւորուի եւ ան իսկապէս հպարտութեան պահեր կը պարգեւէ նաեւ պոլսահայութեան, որովհետեւ հասած է մեր համայնքի ծոցէն։ Երաժշտական աշխարհէ ներս, միջազգային գետնի վրայ որքան որ ալ մեծ յաջողութիւններ արձանագրէ, տասնամեակներէ ի վեր Շահան Արծրունի երբեք անտարբեր չէ մնացած հայ կեանքին, հայկական արժէքներուն ու ժառանգութեան նկատմամբ։ Ամերիկահայ կեանքէն ներս ան կ՚ունենայ անփոխարինելի մասնակցութիւն երաժշտական ու մշակութային շարժումներուն։ Ի լրումն այս բոլորին՝ Շահան Արծրունի թէ՛ որպէս մասնագէտ եւ թէ որպէս բարերար զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ Մայր Հայաստանը, ինչ որ առանձնապէս գնահատանքի արժանի երեսակ մըն է իր գործունէութեան ամբողջին մէջ։

Շահան Արծրունի ցայսօր շատ մեծ ու լուրջ մրցանակներ ստացած է, տիրացած՝ անթիւ-անհամար պարգեւներու։ Վարդանանց ասպետներու եւ Արեւելեան թեմի կողմէ ներկայիս իրեն շնորհուած մրցանակն ալ ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Արդարեւ, սա կը զուգադիպի Շահան Արծրունիի տեսակէտէ յատկանշական ծննդեան յոբելեանի շրջանին։ Արծրունի յառաջիկայ Յունիսի 8-ին պիտի դառնայ 75 տարեկան  եւ այս յոբելեանին ընդառաջ կատարուած պարգեւատրումը անշուշտ առանձնայատուկ իմաստ ունի իր տեսակէտէ։

Շահան Արծրունիի եւ Քրիս Գալֆաեանի ի պատիւ կազակերպուած մեծարանքի հաւաքոյթին մասնակցեցան ամերիկահայ շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ անուններ։ Երեկոյթին հասոյթը յատկացուեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին՝ կրթական ծրագիրներու համար։

Ուրբաթ, Մայիս 25, 2018