ՍԻՊԻԼԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՆԵՐԷՆՈՎ ԴՐՈՒԱՏԻՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի կողմէ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնը, երաժշտական կեանքէ ներս վերելքը հետզհետէ կ՚արժանանայ նաեւ միջազգային շրջանակներու ուշադրութեան։ Այսպէս, սպաներէն «Jot Down» պարբերաթերթը վերջերս Սիպիլի գեղարուեստական գործունէութեան մասին ծաւալուն յօդուածի մը տեղ տուած է։ Այս պարբերականը լայն տարածում ունի Սպանիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն ներս։ Սիպիլի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ յօդուածի հեղինակներն են Քարլոս Զրուցա եւ Լարա Վիյալոն։

Սիպիլի աւելի քան տասնամեայ երաժշտական գործունէութիւնը ցայսօր համատարած գնահատանքի արժանացած է եւ այս ամբողջին մէջ, բնականաբար, օտարալեզու լրատուամիջոցներու արձագանգը առանձնապէս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Օտարալեզու հրատարակութիւններու արձագանգը միայն համակրելի մեներգչուհիին տեսակէտէ խրախճանք մը չէ, որովհետեւ ան աւելի քան տասն տարիէ ի վեր յամառօրէն կը մեկնաբանէ հայերէն երգեր, հաւատարիմ կը մնայ այդ ուղղութեան ու կը փորձէ իր գեղարուեստական գործունէութեան հունը արժեւորել այդպէսով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022