ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն կը մասնակցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Բացման հանդիսաւոր հաւաքին մասնակցելու առընթեր, Վահագն Խաչատուրեան Զուիցերիոյ մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Լաթվիայի նախագահ Էկիլս Լեւիթսի, Էսթոնիայի նախագահ Ալար Քարիսի, Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի հետ։ Հարկ է նշել, որ Լեհաստան ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վահագն Խաչատուրեան եւ Անճէյ Տուտա անդրադարձան տարածաշրջանէ ներս յարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղեալ Երեւանի ջանքերուն՝ կարեւորելով այս ուղղութեամբ համատեղ քայլերու գործադրումը։
Զուիցերիոյ մէջ Վահագն Խաչատուրեան մէկտեղուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի ղեկավար Ախիմ Շթայնէրի հետ։
Վահագն Խաչատուրեան Ախիմ Շթայնէրի հետ զրուցելու ընթացքին կարեւորեց ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը Հայաստանին՝ կայուն զարգացման առանցքային նպատակներուն եւ ազգային բարեփոխումներու առաջնահերթութիւններու իրականացման ուղղութեամբ։ Խաչատուրեան մասնաւորապէս կանգ առաւ երկրի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի կողմէ ձեռնարկուած՝ Կայուն զարգացման նպատակներու ազգային նորարարական կեդրոնի աշխատանքներուն վրայ։ Այս կեդրոնի գործունէութիւնը ուղղուած է Հայաստանի զարգացման ներուժը բացայայտելու եւ կեանքի կոչելու։ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ախիմ Շթայնէր զրոյցի տեւողութեան կարեւորեցին կայուն զարգացման ուղղեալ ծրագրերու արդիւնաւէտ շարունակականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ ջանքերու համատեղումը՝ թուային թեքնոլոժիներու զարգացման ուղղութեամբ։