«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՍԱՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԹՈՒՄՕ-Ի ՃԱՄԲԱՐԻՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն շրջանաւարտ երեք սաներ Երեւանի մէջ ներկայիս մասնակցութիւն կը բերեն ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի ամառնային ճամբարին։ Անոնք են՝ Իոլա Ղուկասեան, Անդրանիկ Եդիգարեան եւ Լիպարիտ Պաղտասարեան։ Հայաստանի մէջ այս վերջինները յաջողութեամբ յանձնած են իրենց աւարտական քննութիւնները ու ներկայիս մեծ խանդավառութեամբ մասնակցութիւն կը բերեն ԹՈՒՄՕ-ի ճամբարին։

Այս երեք սաներէն երկուքին ծախսերը դիմագրաւուած են Առլէն Պասմաճեանի կողմէ։ Հորոզօղլու ընտանիքն ալ երրորդ սանի ծախսերը դիմագրաւած է։ Իսկ SOAR-ի ստանձնած է պատանիներու պանդոկին մէջ կեցութեան ծախսերը։

«Հրանդ Տինք» վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս անուններուն, որոնց շնորհիւ այս երեք սաները կ՚անցընեն հրաշալի ամառ մը՝ մասնակցութիւն բերելով ԹՈՒՄՕ-ի ամառնային ճամբարին, որու ընթացքին կը ծանօթանան նորարարական ծրագրերու ու կը մասնակցին պտոյտներու։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019