ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԸ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ գումարեց ժողով մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստի սկիզբին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի շուրջ անվտանգային միջավայրը ո՛չ միայն չէ լիցքաթափուած, այլեւ՝ ընդհակառակն։

«Որոշ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան մեր միջավայրին մէջ եւ անոնք մեզի կը ստիպեն աւելի աչալուրջ ըլլալ մեր անվտանգային մարտահրաւէրներու հարցին մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, ի հարկէ, մեր կառավարութեան համար լրջագոյն առաջնահերթութիւն է», ըսաւ Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019