ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ կողմէ ներածուած Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերու մասին։ Հակաօդային պաշտպանութեան այդ հրթիռները յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին պիտի յանձնուին Թուրքիոյ եւ այս պատճառով Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ յառաջացած է լարուածութիւն մը։

Հուլուսի Աքար երէկ հանդիպումներ ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի, ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի եւ «Իյի» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշենէրի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախարարը կուսակցապետներուն բացատրութիւններ տուաւ ազգային անվտանգութեան վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու վերաբերեալ հարցերուն վրայ։

Հուլուսի Աքար հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական պատժամիջոցներու խնդրին։ Նախարարը ընդգծեց նաեւ միջազգային իրաւունքէ բխած Թուրքիոյ իրաւունքներուն եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ կուսակցապետներուն հետ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ ի՛նչ պատժամիջոց ալ խնդրոյ առարկայ դառնայ, Թուրքիա արդէն Ս-400-ները ձեռքբերած է։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019