ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԽՕՍԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարութիւններ ըրաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ վարած վերջին բանակցութիւններուն շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Թուրան» գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացաւ Մամետեարովի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է ըլլայ փուլային։ «Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին Մինսքեան խմբակի համանախագահները կրկին ներկայացուցին այն փաստաթուղթերը, որոնք նախապէս քննարկուած են», ըսաւ Մամետեարով։

Ուաշինկթընի հանդիպման կապակցութեամբ Էլմար Մամետեարով մատ-նանշեց, որ անպայման պէտք չէ շփման գծի վրայ վերականգնել անդորրը եւ աւելի վերջ սկսիլ բանակցութիւններ վարել։ «Մենք պէտք է բովանդակային բանակցութիւններ վարենք։ Այժմ մենք կ՚աշխատինք համանախագահներու՝ մարտի 9-ի հրապարակած յայտարարութեան վրայ։ Այդ փաստաթուղթի կարգ մը դրոյթներուն մենք համամիտ ենք, որոշ դրոյթներուն ոչ», ըսաւ Մամետեարով ու պնդեց, որ ըստ այդ յայտարարութեան, հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին Ատրպէյճանի տարածքներէն։ Իր խօսքով՝ մնացեալը կրնայ որոշուիլ աւելի վերջ։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ հայկական կողմը ամէն անգամ շրջանառութեան մէջ կը դնէ անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին հարցերը։ Ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան, ապա տարածքաշրջանէ ներս կրնան տեղակայուիլ խաղաղապահ ուժեր։

Մամետեարովի այս յայտարարութիւնները անմիջապէս արձագանգ գտան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտարարեց, որ Մամետեարովի մօտեցումը շինիչ չէ եւ կ՚արժեզրկէ հաշտութեան գործընթացի լրջութիւնը։ Բանբերը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Նաղդալեան ըսաւ.

«Ինչպէս նշած էինք տակաւին Ուաշինկթընի հանդիպումէն առաջ, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են վերջին շրջանին Ատրպէյճանի պատճառաւ սրուած իրավիճակի հանդարտեցման հարցեր։ Համանախագահները կոչ ուղղած են անմիջապէս քայլերու ձեռնարկել՝ վերականգնելու համար խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայր մը եւ պահպանելու համար հրադադարը։ Այս ուղղութեամբ հանդէս եկած են մարդասիրական ոլորտին եւ ռիսքերու նուազեցման վերաբերեալ յստակ առաջարկներով։ Այս շրջանակէն դուրս Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութիւնը տեղի կու տայ եզրակացութեան, թէ Ատրպէյճան մտադրուած չէ իրականացնելու համանախագահներու այդ կոչերը եւ առաջարկները։ Աւելի՛ն, այն պնդումը, թէ բանակցութիւնները կրնան յաջող ծաւալուիլ հրադադարի կանոնաւոր խախտումներու պայմաններուն ներքեւ, լրջագոյն վնաս կը հասցնէ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն ու կը խաթարէ հաշտութեան գործընթացը»։

Հայ զանազան քաղաքական մեկնաբաններ ալ կը մատնանշեն, որ Ատրպէյճան առաջին անգամ չէ, որ պարունակէ դուրս կը հանէ իր առաջադրած կէտը եւ իւրովի մեկնաբանութիւն կը կատարէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019