ՓՈՄՓԷՈՅԻ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ներկայիս տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Այս շրջագայութեան նպատակն է Իրանի դէմ ստեղծել համաշխարհային համախոհութիւն մը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը առաջին հերթին այցելեց Սէուտական Արաբիա։ Ռիատի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Սելման թագաւորին եւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Մայք Փոմփէօ այցելեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ երէկ ստորագրեց նոր հրամանագիր մը, որով յաւելեալ պատժամիջոցներ կը սահմանուին Իրանի դէմ։ Ներկայիս ԱՄՆ-ի համապատասխան ցուցակին վրայ յայտնուած է նաեւ Իրանի կրօնապետ Ալի Համանէյ։
Այս բոլորին դէմ Թեհրանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերել։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնեց, որ համախոհութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ քայլերը նոր չեն եւ այդպիսի դաշինքները միշտ ձախողած են։