«ԿԱՐԾԵՄ՝ ՅԱՂԹԱԾ Է»

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան BBC-ի ռուսական ծառայութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ժամանակ անդրադարձաւ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան։ «Այո, ես կը կարծեմ, թէ ան յաղթած է», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ ձեւով մը հաստատելով ընտրութիւններու արդիւնքով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։ Ծանօթ է, որ ներկայիս Սերժ Սարգսեան կը գլխաւորէ Հանրապետական կուսակցութիւնը, որու մասնակցած «Պատիւ ունիմ» դաշինքը մուտք գործած է խորհրդարան։

BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Փաշինեանի ընդդիմախօսները պարտուեցան սեփական սխալ հաշուարկներու պատճառով։ «Մենք մշտապէս կ՚ըսէինք, որ երկրէ մը ներս, ուր բազմաթիւ խնդիրներ կան, որու մէկ մասը հարեւանի կողմէ բռնագրաւուած է, ուր բազմաթիւ զինուորներ եւ սպաներ տակաւին կը գտնուին գերութեան մէջ, որ տակաւին հողին չէ յանձնած զոհուած զինուորներու բոլոր աճիւնները, ընդհանրապէս ճիշդ չէ ընտրութիւններու կատարուիլը։ Սակայն, ցաւօք, այս հարցին մէջ ընդդիմութիւնը ընդհանուր յայտարարի մը չեկաւ եւ շատեր՝ իրենց անձնական պատկերացումներէն ելնելով, որոշեցին երթալ ընտրութիւններու։ Եւ մենք պարտադրուած էինք մասնակցիլ», ըսաւ ան։

Սոյն հարցազրոյցին մէջ յստակեցուած չէ, որ Սերժ Սարգսեանի ակնարկութիւնները յստակ որո՞ւ կը պատկանին։ Յամենայնդէպս, բացառուած չէ, որ խօսքը կրնայ վերաբերիլ նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի, որու գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը վերջին ընտրութիւններու արդիւնքով դարձաւ գլխաւոր ընդդիմութիւն։

Արցախի երկրորդ պատերազմի կործանարար պարտութենէն յետոյ, Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը մաս կազմած էր «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»։ Այս վերջնոյն մասնակից 17 կուսակցութիւնները բողոքի ցոյցերով պահանջած էին իշխանութիւնը փոխանցել անցումային կառավարութեան՝ նախկին վարչապետներէն Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորութեամբ եւ շուրջ տարի մը վերջ ձեռնարկել ընտրութեան։ Ամիսներ շարունակ ընդդիմադիր այդ դաշինքը մերժած էր Փաշինեանի գլխաւորութեամբ արտահերթ ընտրութիւններու երթալու գաղափարը։ Յունուարին, սակայն, Ռոպէրթ Քոչարեան յայտարարած էր, որ եթէ ընտրութիւնները այնուամենայնիւ տեղի ունենան, ապա ինք կը մասնակցի եւ կը յաղթէ։

Ուրբաթ, Յունիս 25, 2021