ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ, ՈՐ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԱԾ Է ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աւարտեց դէպի Պաքու իր աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ Ալիեւ նշեց, որ Պաքու կ՚ակնկալէ Մոսկուայի գործուն ջանքերը՝ Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան կայացման համար։

Բանակցութիւններէն վերջ Լաւրով եւ Պայրամով սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ռուս նախարարը Պաքուի մէջ տեղեկացուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովի երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, իսկ ժամկէտները կը համաձայնեցուին կողմերուն հետ։ Բաց աստի, Լաւրով Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը՝ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի նախաձեռնութեամբ։ Լաւրով յայտնեց, որ Պաքուի մէջ քննարկուած են 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած կարգաւորման գործընթացները, որոնց հիմքին կը գտնուին Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւնները։

Լաւրովի այցելութեան ընթացքին Ալիեւ հերթական անգամ պնդեց, որ խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստութեան ուղղեալ բանակցութիւններու սկսելու համար Պաքու թէեւ առաջարկ ներկայացուցած է, սակայն Երեւան անպատասխան թողած է այդ մէկը։ Այս պնդումին երէկ արձագանգեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Խաղաղութեան պայմանագրի նիւթով արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ առաջարկ ներկայացուցած ենք Ատրպէյճանին, սակայն ցարդ պատասխան մը չենք ստացած»։

Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ձգձգումը կը պարունակէ լուրջ ռիսքեր։ Ըստ իրեն, Երեւան-Պաքու առացքին վրայ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը չի կրնար դառնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդական ձեւաչափի պատանդը։

«Ատրպէյճանի դիրքորոշումն է, որ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար բոլոր եռակողմանի յայտարարութիւնները ամբողջական ու կատարեալ ձեւով իրականանան, ինչ որ անհրաժեշտ է բացարձակապէս։ Սա է ամբողջ տարածաշրջանի զարգացման բանալին։ Միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ձգձգումը կը բերէ ժխտական ազդեցութիւն՝ յղի լուրջ ռիսքերու», ըսաւ ան։

Լաւրովի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պայրամով յայտնեց, որ անցեալ փետրուարէն ի վեր յայտնի պատճառներով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համագործակցութեան ձեւաչափը լիովին կաթուածահար եղած է։ «Այս իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի դիրքորոշումն է, որ առաջնահերթ կարգաւորումը պիտի ապահովէ տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ ու կայուն խաղաղութիւնը։ Եւ այս պրիսմակէն գործընթացը չի կրնար ըլլալ ձեւաչափի պատանդ։ Մենք չենք կրնար կեդրոնանալ ձեւաչափի մը վրայ, որ գոյութիւն չունի», նշեց Պայրամով եւ միեւնոյն ժամանակ աւելցուց, որ Պաքու չէ հրաժարած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հետ շփումներէ եւ համագործակցութենէ։ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու աւարտէն վերջ միջնորդներէն խնդրած է յետպատերազմեան իրավիճակի գործողութիւններու ծրագիր մը ներկայացնել։ Աւելի վերջ Մինսքեան խմբակի հետ շփումները շարունակած են եւս մէկ տարի, սակայն, ցաւօք, համանախագահներէն առաջարկներ չեն ստացած։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2022