Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին բանակցութիւնը Անգարայի մէջ։ Մօտաւորապէս հինգ ժամ տեւեց «Անգարա Փալաս» պետական հիւրատան մէջ տեղի ունեցած ժողովը։ ԱՔ կուսակցութենէն Էօմէր Չելիքի եւ ՃՀՓ-էն Հալուք Քոչի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս առաջին տեսակցութիւնը։ Կ՚ենթադրուի, որ յառաջիկայ օրերուն եւս չորս կամ հինգ ժողով տեղի կրնայ ունենալ կուսակցական պատուիրակութիւններուն միջեւ։
Էօմէր Չելիք յայտնեց, թէ երէկուան քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի նիւթերու ընդհանուրին շուրջ պատուիրակութիւններու անդամները հանդէս եկած են իրենց վերլուծումներով։
Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015