ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄՍՈՒԱՆ ԿԷՍԻՆ

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման մթնո­լոր­տին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին յայտ­նի դար­ձաւ, թէ Օ­գոս­տո­սի կէ­սին հան­դի­պում մը կը նա­խա­տե­սուի եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ։ Ծա­նօթ է, որ այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը ծրագ­րուած էր յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին, սա­կայն Թուր­քիոյ մէջ ապ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով ծրա­գի­րը են­թար­կուած է փո­փո­խու­թեան։ Էր­տո­ղա­նի եւ Փու­թի­նի մի­ջեւ սպա­սուած հան­դի­պու­մը այժ­մու պայ­ման­նե­րով ծրագ­րուած է Օ­գոս­տո­սի կէ­սին։ Ծա­նօթ է, որ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձի մթնո­լոր­տին մէջ ռու­սա­կան կող­մը ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ա­ջակ­ցե­ցաւ թրքա­կան կող­մին, ինչ որ նոր խթան մը հան­դի­սա­ցաւ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ձիւ­նա­հա­լին տե­սա­կէ­տէ։

Միւս կող­մէ, նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ, վա­ղը Փոխ-վար­չա­պետ Նու­րետ­տին Ճա­նիք­լի եւ Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պէք­ճի պի­տի այ­ցե­լեն Մոս­կուա՝ ի­րենց պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ հան­դի­պե­լու հա­մար։ Այ­սօր ե­րե­կո­յեան Ճա­նիք­լի եւ Զէյ­պէք­ճի մաս­նա­ւոր թռիչ­քով կ՚ու­ղե­ւո­րուին Մոս­կուա։ Վա­ղը Մոս­կուա­յի մէջ Ճա­նիք­լի պի­տի տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Ար­քա­տի Տվոր­քո­վի­չի, իսկ Զէյ­պէք­ճի՝ Ռու­սաս­տա­նի Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման նա­խա­րար Ա­լեք­սէյ Ու­լյու­քաե­ւի եւ Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր Նո­վա­քի հետ։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2016