ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՀԱՓՈՐՁ
Մայրաքաղաքի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Այսպէս, Անգարայի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտօնատարներէն Ալեքսանտր Փոկանշեւ զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ Չանգայա թաղամասի իր բնակարանի մուտքին։ Ան դեսպանութեան վարչական գործերու գծով խորհրդականն էր։ Իր բնակարանի մուտքին Փոկանշեւի վրայ կրակեց հարեւանը՝ Մեհմէտ Ֆեւզի Պայրամ։ Դիւանագէտը ծանր վիրաւորուած վիճակով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր առնուեցաւ խտացեալ խնամքի տակ։
Մեհմէտ Ֆեւզի Պայրամ, որ հանգստեան կոչուած գնդապետ մըն էր, ինքնասպան եղաւ դէպքի վայրին վրայ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ այս դէպքը քաղաքական երեսակ մը չունի եւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն։
Չավուշօղլու, որ դէպքէն անմիջապէս վերջ փութաց Փոկանշեւի փոխադրուած հիւանդանոցը, տեղեկութիւններ քաղեց դիւանագէտի առողջական կացութեան շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Փոկանշեւ այսօր կրնայ ապաքինման սենեակ փոխադրուիլ։ Ըստ իրեն, Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ շարժման անցած է այս յանցագործութեան կապակցութեամբ։ Խնդիրը յառաջացած է ծագած կռիւի մը հետեւանքով։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքելի հետ՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով պատահած դէպքին եւ դիւանագէտի առողջական կացութեան շուրջ։