ԱՐՑԱԽԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԱՆՃԷՅ ԿԱՍՊՐՉԻԿԸ

Արցախի ղեկավարութիւնը երէկ Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծին վրայ ներկայիս տիրող իրավիճակին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Անճէյ Կասպրչիկ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։ Կարէն Աբրահամեան եւ Անճէյ Կասպրչիկ զրուցեցին հրադադարի դրութեան յետագայ ամրապնդման հարցերու շուրջ։ Իսկ Մասիս Մայիլեան ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցչին հետ զրուցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կայունութեան պահպանման կարեւորութեան շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Կասպրչիկի գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերեալ շարք մը հարցերու։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019