ՁԳՁԳՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Սուրիայէ ներս ծրագրուած անվտանգ գօտիներու ստեղծման հարցին շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը ջանայ ձգձգել Թուրքիան։ «Մեր համբերութիւնը սպառած է։ Կ՚ուզենք հասնիլ համաձայնութեան մը, այլապէս անհրաժեշտը պիտի ընենք», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ ամերիկեան կողմի նոր առաջարկները գոհացուցիչ չեն Թուրքիոյ տեսակէտէ։ «Մեր տպաւորութիւնը այն է, որ այստեղ կարծես Մենպիչի նման ձգձգման գործընթացի մը մտած ենք», նշեց Չավուշօղլու։
Նախարարին այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան Սուրիոյ գծով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրիի Անգարայի շփումներու օրերուն։ Ճեֆրի երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի հետ։ 1 ժամ 20 վայրկեան տեւեցին Ճեֆրիի եւ Քալընի կողմէ գլխաւորուած բանակցութիւնները։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտի մը ստեղծել հնարաւոր կրնայ ըլլալ այնպիսի ծրագրով մը, որ պիտի դիմագրաւէ Թուրքիոյ ակնկալութիւնները։ Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին անվտանգ գօտիի ստեղծման ամբողջին մէջ ընդգծուեցաւ առանց բացառութեան բոլոր ահաբեկչական տարրերու դէմ պայքարի խնդիրը։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Բացայայտօրէն ընդգծուեցան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները։ Արծարծուեցան Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան շրջանակին մէջ քաղաքական լուծումի մը հասնելու, երկրի տարածքէն ներս ահաբեկչութեան դէմ ընդհանուր պայքար մը մղելու, Մենպիչի ճանապարհային քարտէսին եւ երկրի նոր Սահմանադրութեան մշակման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Պատուիրակութիւններու բանակցութեան ընթացքին կարեւորուեցաւ Սուրիոյ պարագային թուրք-ամերիկեան համագործակցութեան՝ վստահութեան ու թափանցիկութեան սկզբունքներուն համապատասխան տեւականութեան կարեւորութիւնը։
Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան աղբիւրներն ալ երէկ ամփոփ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Ճէյմս Ճեֆրիի վերջին օրերու շփումներուն շուրջ։ Դեսպանատան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ բանակցութիւնները եղած են դրական։