BREXIT-Ի ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԹԱՓ

Անգլիոյ մէջ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար ընտրուած Պորիս Ճանսըն երէկ ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը։ Պաքինկըմի պալատին մէջ ան ընդունուեցաւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին կողմէ։ Նախկին վարչապետ Թերեզա Մէյն ալ Երեսփոխանական ժողովէն ներս ունեցած ելոյթով հրաժարեցաւ պաշտօնէն։ Մէյ պիտի շարունակէ մնալ երեսփոխան։

Պորիս Ճանսընի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն զուգահեռ ուշադրութիւնները դարձեալ կեդրոնացան BREXIT-ի գործընթացին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, նոր վարչապետը BREXIT-ի բուռն պաշտպան մըն է։ Ան յայտնեց, որ հոկտեմբերի 31-ին Անգլիա եւ Եւրոմիութիւնը պիտի բաժնեն իրենց ճանապարհները՝ առանց «եթէ» կամ «սակայն» ըսելու։  

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019