«ԱՐՄՄՈՆՕ» 18-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀՐԱՆԴ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ «ԳՈՄԷՇԸ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՄԲ

Հրանդ Մատթէոսեանին նուիրուած «Արմմոնօ» 18-րդ փառատօնը կը սկսի հեղինակի «Գոմէշը» ներկայացմամբ։ Այսպէս, «Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի 1-10 թուականներու միջեւ, կը սկսի Հրանդ Մատթէոսեանի «Գոմէշը» պատմուածքի հիման վրայ բեմադրուած համանուն բեմադրութեամբ, որու բեմադրիչը եւ դերակատարը Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նարինէ Գրիգորեանն է:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ բացօթեայ ներկայացումը կը ցուցադրուի օգոստոսի 1-ին՝ Զուլում եւ Մուշեղ Գրիգորեաններու արուեստանոց-ցուցասրահին մէջ:

Ձեւաւորումը իրականացուցած է Վիքթորիա Ռիէտօ Յովհաննիսեան, ձայնային եւ երաժշտական ձեւաւորումը՝ Հայկ Իսրայէլեան, նկարիչ-դիմայարդարն է Թամարա Պարոյեան:

«Հրանդը լուսնալոյսի մէջ մեռած Շան մտածումը վրձինած է, Ձի վրձինած է, Գայլ վրձինած է եւ Տախ (ամորձատուած խոզ), եւ Հրանդը մարդիկը վրձինած է՝ անոնց անհատականութիւնները, միաւորները՝ արձակով, գիրով, ինչ որ իրմէ առաջ չկար։ Ան ոչ թէ գրած է զանոնք կամ անոնց մասին, այլ զանոնք վրձինած է», ըսած է ռուս մեծանուն գրող Անտրէյ Պիտով:

Ճիշդ նոյնպէս Հրանդ Մատթէոսեան կը պատմէ «Գոմէշը» պատմութիւնը գեղեցիկի, էգի, մայրացուի մասին, որ ճանապարհ ելած է ամբողջականանալու։ Այսօրուայ, ինչ-որ տեղ կարծրատիպային լեզուով, սա պարտականութիւն է, բայց քանի որ երէկ, այսօր ու վաղը որեւէ կարծրատիպ նեղ կու գայ իրական արուեստին՝ Մատթէոսեան Գոմէշի այս ճամբորդութիւնը կը դարձնէ արարողութիւն, տօն, ձօն Աստուծոյ ստեղծած՝ միաժամանակ հզօր ու խոցելի, գեղեցիկ ու փխրուն, ուժեղ եւ նկուն բնութեան։

Գոմէշի հայեացքով մենք կը տեսնենք Նանին, Բասարին: Մեզ, Աշխարհը՝ որու մէջ Երկինքն ու Երկիրը, Հողն ու Ջուրը, Մարդն ու Կենդանին պիտի ստեղծեն, հիւսեն գոյի այն ներդաշնակութիւնը, որ ինքը կեանքն է: Բայց... հազիւ թէ կը հիւսեն:

Վկայ՝ այն, ինչ այսօր՝ 2020-ին, ունինք:

Վկայ՝ Մատթէոսեանի Գոմէշը՝ մի ճամբորդութիւն դէպի մեր ներսը:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020