ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՔՈՉԱՐԵԱՆ

Կեանքէն հեռացած է բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոչարեան։ Այսպէս, մահացած է բեմադրիչ, դերասան, բազմավաստակ մանկավարժ, փրոֆ. Ալեքսանտր Քոչարեան:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջին մէջ կ՚ըսուի, որ Քոչարեան կեանքէն հեռացած է յուլիսի 24-ին: Միութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ Քոչարեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գործընկերներուն։

Ալեքսանտր Քոչարեան ծնած է 1938 թուականի օգոստոսի 14-ին Երեւանի մէջ: Ուսանած է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական կաճառի դերասանական բաժնէն ներս: Շուրջ հինգ տարի որպէս դերասան աշխատած է Կապանի շրջանային թատրոնին մէջ, ուր խաղացած է աւելի քան քսան գլխաւոր եւ երկրորդական դերեր: Եղած է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական կաճառի թատերական ֆաքիւլթէի վերատեսուչ, իսկ 1986-1996 թուականներուն՝ ուսումնագիտական գծով փոխ-վերատեսուչ: 1992 թուականէն սկսեալ դասաւանդած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական կաճառէն ներս: Եղած է կաճառի մասսայական հանդիսութիւններու բեմադրիչներու եւ մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչը:

Բեմադրած է «Եկուորը Ռանգունից», «Լրտեսի հետքերով», «Թանկագին սէր» եւ այլ ներկայացումներ: Ստացած է արուեստագիտութեան թեկնածուի աստիճան, բեմադրիչներու ամպիոնի տոցենթի կոչում: Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան եւ նախագահութեան անդամ էր: 1981 թուականին արժանացած է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վաստակաւոր գործիչի կոչման:

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020