937 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ պատահականութեան հիմքով կատարուած 150 հազար քննութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր հազար հոգիի երկուքուկէսը վարակուած է քորոնաժահրով։ Այդ դէպքերու կէսը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Համավարակի հետեւանքով մահացողներուն ալ կէսը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ «Մեր բոլորի լաւութեան համար զգոյշ ըլլանք։ Կեանքը թող չպարտուի ռիսքէն», ըսաւ նախարարը։

Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեցին համաճարակի առընչութեամբ Թուրքիոյ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ, 42 հազար 986 քննութիւն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 937 նոր վարակեալ։ Թէեւ հազարի շեմէն վար, սակայն այս թիւը նախորդ օրուան բաղդատմամբ աւելցած է 24-ով։ Այս պահու դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1248 հիւանդ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթականերու թիւն է 379։ Նոյնպէս երէկ եւս 17 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1009։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ առողջացածներու եւ նոր վարակուածներու քանակութեան տարբերութիւնը նախընթաց օրուան բաղդատմամբ նուազած է։ Ըստ իրեն, խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդներու եւ արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթարկուածներու թիւն ալ տատանումներ կ՚արձանագրէ՝ ըստ զանազան գործօններու։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020