«ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ…»

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն ամ­բող­ջու­թեամբ մաք­րա­գոր­ծե­ցին Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի Ճե­րապ­լուս քա­ղա­քը։ «Եփ­րա­տի վա­հան» ա­նուա­նեալ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թեան շնոր­հիւ Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը լքե­ցին քա­ղա­քը ու զի­ջե­ցին դէ­պի հա­րաւ։ Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րուն հետ միաս­նա­բար թուրք բա­նա­կը ա­պա­հո­վեց այս ար­դիւն­քը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ 14 ժամ տե­ւած գոր­ծո­ղու­թեան մը ար­դիւն­քին Ի­ՇԻՊ-էն ա­զա­տագ­րուե­ցաւ Ճե­րապ­լու­սը։ Օ­դա­յին սաս­տիկ ռմբա­կո­ծում­նե­րով սկսած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ յա­տուկ նշա­նա­կու­թեամբ զօր­քե­րու եւ ա­ւե­լի վերջ ալ հրա­սայ­լե­րու Սու­րիոյ տա­րած­քը մուտք գոր­ծե­լով։ Օ­րուան ա­ւար­տին Ճե­րապ­լու­սը ար­դէն Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ան­ցաւ։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին սպան­նուե­ցաւ Ի­ՇԻՊ-ի հա­րիւր ա­հա­բե­կիչ։ Թրքա­կան կող­մը կո­րուստ մը չու­նե­ցաւ։ Մինչ Ճե­րապ­լուս ան­ցաւ ա­րաբ­նե­րու եւ թիւրք­մեն­նե­րու հա­կակշ­ռին տակ, ՓԵՏ-ն ալ ար­դէն իր զօր­քե­րը դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը ետ քա­շել սկսաւ։ Լրաս­փիւռ­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած է հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Այդ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Քե­րի Չա­վու­շօղ­լուին տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի զօր­քե­րը կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց նախ­կին դիր­քե­րը։

«Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նով Թուր­քիա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ձգտած է ազ­դու պատ­գամ մը տալ այս խնդրին շուրջ։ Գոր­ծո­ղու­թեան յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուի­լը ու­նի քա­նի մը նշա­նա­կու­թիւն։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Ի­ՇԻՊ կա­րե­ւոր դիրք մը կորսն­ցու­ցած է։ Երկ­րորդ՝ ՓԵՏ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի վե­րա­դառ­նայ Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի հա­րա­ւին գտնուող նրբանց­քը ան­ցած է Թուր­քիոյ եւ դաշ­նա­կից խմբա­կի մը վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։ Քա­ղա­քա­կան լուծ­ման փու­լին այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը կա­րե­ւոր խա­ղա­քար­տի մը պի­տի վե­րա­ծուի Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ։

Ե­րէկ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին, գլխա­ւո­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շուրջ ու­նե­ցան ե­լոյթ­ներ եւ յստա­կօ­րէն ընդգ­ծե­ցին Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րուած նպա­տակ­նե­րը։

Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րը նոր ա­ւար­տած Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նին ալ հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ յայ­տա­րա­րեց, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի ապ­րուին։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2016