ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ» ԽՈՐԱԳՐՈՎ
Այսօր երեկոյեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ կը սկսի «Հայկական աշխարհը համացանցի մէջ» գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ համալսարանի կեդրոնական շէնքին Գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ։
Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի Պետական համալսարանի ղեկավար Արամ Սիմոնեան, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան:
Զեկուցումներով հանդէս կու գան գիտնականներ եւ ոլորտի մասնագէտներ՝ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն:
«Հայկական աշխարհը համացանցի գիտակրթական հարթակին մէջ» խորագրով նիւթերու ներկայացումէն ետք՝ տեղի կ՚ունենան քննարկումներ:
Երկօրեայ գիտաժողովը աշխատանքը կը շարունակէ յաջորդ օր եւս՝ «Տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրները համացանցի մէջ» նիւթերու նիստով: