ՀԱՏՈՐ ՄԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ԴՐԱՄՆԵՐՈՒ
Դասական դրամագիտական խմբակին (CNG) նախաձեռնութեամբ, հայկական հնաւանդ դրամներու նուիրուած անգլերէն հատոր մը՝ «Armenian Coinage in the Classical Period» անունով, լոյս տեսած է հեղինակութեամբ գալիֆորնիացի դրամագէտ Ֆրենք Լ. Քովաքսի։ Հատորը, որ 10-րդն է նշեալ խմբակին հրատարակած «Դասական դրամագիտական ուսումնասիրութիւններ» շարքին, հայկական դրամներու մասին վերջին տասնամեակին լոյս տեսած առաջին աշխատասիրութիւնն է, որ կը քննէ ամենահին հայկական դրամանիշէն (275 Ք.Ա.) սկսեազ աւելի քան 300 դրամներ։ 142 էջնոց լաթակազմ հատորին գինը 90 տոլար է։ Միջազգային ապսպրանքներու սակը 125 տոլար է։ Հատորին տարածումը ստանձնած է Հայկական դրամագիտական ընկերակցութիւնը։