ՀԲԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԱՆՎՃԱՐ

Լիբանանահայութեան դիմագրաւած առկայ ծանր մարտահրաւէրի մթնոլորտին մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կարեւոր որոշում մը առած է՝ խրախուսելու համար երիտասարդութեան ուսումնառութիւնը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ յայտարարեց, որ անցեալ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին իր դպրոցները յաճախած աշակերտները՝ յառաջիկայ 2020-2021-ի վերամուտին պիտի կարենան շարունակել իրենց ուսման ընթացքը զերծ ըլլալով կրթաթոշակի պարտաւորութենէ: Միութեան Լիբանանի վարժարաններէն ներս աշակերտները այսպէսով յառաջիկայ տարի պիտի ուսանին առանց որեւէ վճարումի։ Ըստ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած հաղորդագրութեան, այս արտակարգ կարգադրութիւնը կատարուած է՝ նկատի ունենալով այն ծանր տագնապը, զոր Լիբանանի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ներկայիս։

Միեւնոյն ժամանակ, ՀԲԸՄ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի հնարաւորութեան պարագային ծնողներ, բարեկամներ եւ համակիրներ սիրայօժար նուիրատուութիւններով աջակցին Լիբանանանի իր կրթական ծրագիրներուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020