ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երկրին մէջ երէկ կատարուեցաւ մօտաւորապէս 96 հազար քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1443 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 743։ Ներկայ դրութեամբ 796 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ համակարգի աշխատողները հիւանդներու բուժման համար ամէն ջանք ի գործ կը դնեն։ Հիւանդներու թիւի նուազումը կախում ունի նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ ուշադրութենէն։ «Ի վերջոյ պարտուողը ժահրը պիտի ըլլայ», ըսաւ նախարար Ֆահրետտին Քոճա։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ։ Ան ընդգծեց, որ վերջին շրջանին երկիրը ժխտական տեսք մը կը պարզէ։ Հաւաքական ձեռնարկներուն վրայ մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրեց նախագահը ու ցաւ յայտնեց բարձրացող մահուան դէպքերուն բերումով։ Էրտողան հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի պահպանուի ֆիզիքական հեռաւորութիւնը, բոլորը դիմակ կրեն եւ նախանձախնդիր ըլլան մաքրութեան ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, յառաջիկայ շաբաթ պիտի սկսի 2020-2021 կրթական շրջանը։ Վերամուտի ընդառաջ երէկուան դրութեամբ կրթական մշակները վերապատրաստութենէ անցնիլ սկսան։ Անոնց խորհուրդներ կը տրուին քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով պայմանաւորուած անհրաժեշտութիւններուն մասին։ Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք կրթական մշակներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ համավարակի շրջանին անոնց կողմէ ցուցաբերուած զոհողութիւններուն համար։ Նախարարը ընդգծեց, որ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու համար առանձին ուղեցոյցներ պատրաստուած են։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը մատնանշեն, որ այս տարի դասարաններէ ներս աշակերտներու թիւը կրճատուած է։ Մեկնաբաններ կ՚ընդգծեն, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հեռավար կրթութիւնը անխուսափելիօրէն կը դառնայ նոր բնականոն կեանքի անբաժանելի մէկ տարրը։ Վերապատրաստման ծրագիրներու մէջ ընդգրկուած կրթական մշակներու թիւը կը հասնի մէկ միլիոնի։ Ուսուցիչները կը յայտնեն, որ արդէն կարօտցած են տղաքը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020