ՔԱՆԴԱԿԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ գեղարուեստասէրները միջոցէ մը ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւին մասնագիտական շրջանակներու կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքին, որու նպատակն է «Փառք աշխատանքին» քանդակի վերանորոգումը։ Նշանաւոր ստեղծագործութիւն մըն է այս մէկը, որու հեղինակն է մեծանուն քանդակագործ Արա Յարութիւնեան։

Այս արձանի հիմնական կտորները ներկայիս դրուած են ցուցադրութեան՝ մինչ վերականգնման հարցերուն կապակցութեամբ կազմակերպուած մասնագիտական հանրային քննարկումն ալ արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2022