ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ-ՔԱՐԱՍԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետի աւագ խորհրդական Արսէն Գասպարեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ այժմէական հարցեր։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ շարք մը նիւթեր, որոնք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն երկկողմանի համագործակցութեան տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018