ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Երէկ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անթոնիօ Կութերէսի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ սերտ ու ամուր համագործակցութիւնը՝ ՄԱԿ-ի հռչակած արժէքներու պաշտպանութեան եւ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Վարչապետը ընդգծեց, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը նպաստէ Հայաստանէ ներս զանազան ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման։ Ան յոյս յայտնեց,

թէ այդ ծրագրերը ո՛չ միայն կը կրեն շարունակական բնոյթ, այլ նաեւ կը ստանան նոր ազդակներ։ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն եւ աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի թիրախային յետագայ աջակցութիւնը Հայաստանի համար պիտի խթանէ եւ պիտի ամրապնդէ երկրի զարգացման ներուժը։

Անթոնիօ Կութերէս համոզուած է, թէ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը առաւել պիտի ամրապնդուի եւ պիտի զարգանայ։ Անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքական փոփոխութիւններուն՝ ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ երկրէ ներս իշխանութիւնը խաղաղ փոխանցելու գործընթացը փայլուն օրինակ մըն է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան կ՚ընթանայ վերընթաց զարգացման ճանապարհով՝ իրականացնելով նորանոր բարեփոխումներ զանազան ուղղութիւններով։

Զրոյցի տեւողութեան կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու հարցին շուրջ։ Կարեւորուեցաւ բարեփոխումներու իրականացումը։ Այդ բարեփոխումները կրնան նոյնիսկ թեքնիկապէս բացառել ընտրախախտումներու հաւանականութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ՄԱԿ-ի կողմէ թեքնիկ աջակցութեան շարունակական անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր քարտուղարին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի ջանքերուն ի նպաստ ցուցաբերուած լիակատար աջակցութեան համար։

Կութերէսի կողմէ ընդունուելու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի եւ Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէյի հետ։ Բաց ասի, Նիկոլ Փաշինեան եւ իրեն ընկերակից պատուիրակութեան անդամները այցելեցին ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղադրուած 12-13-րդ դարու հայկական խաչքարը։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս երէկ մասնակցութիւն բերաւ Նելսըն Մանտելայի յիշատակին ձօնուած խաղաղութեան գագաթաժողովի բացման արարողութեան, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018