«ՀԱՍ» ԽԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՊԱՀԱՆՋ

Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան աղբիւրները երէկ համայնքային մամուլին տեղեկացուցին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ուղարկուած նամակ-զեկուցագրի մը մասին։ 20 սեպտեմբեր 2019 թուակիր այս զեկուցագիրը կը կրէ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի ստորագրութիւնը։ Այս նամակին բովանդակութենէն կարելի է հետեւցնել, որ համայնքապատկան կալուածի մը շուրջ տարակարծութիւն մը յառաջացած է մեր այս երկու հաստատութիւններուն միջեւ։ Խնդրոյ առարկայ կալուածը «Հաս» խանն է, որ կը գտնուի Պէյօղլուի մէջ, Ղալաթիոյ շրջակայքին։ Այս խանի սեփականութեան իրաւունքը թէեւ կը պատկանի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, սակայն ըստ ցայսօր ձեւաւորուած նախընթացին, հասոյթէն կ՚օգտուի Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը։ Այսինքն, խանի վարձակալումը կը կատարուի Գարակէօզեանի խնամակալութեան կողմէ, վարձքի գումարներն ալ դարձեալ անոր կողմէ կը գանձուին՝ Գարակէօզեանի կարիքները դիմագրաւելու համար։ Այս վերջին զեկուցագրով Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը տեղեկացուցած է, որ «Հաս» խանի վարձակալութեան եւ վարձքերու գանձման ուղղութեամբ այսուհետեւ հաւանութիւն պիտի չունենայ ու պիտի չյօժարի, որպէսզի այդ բոլորը կատարուին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կողմէ։

Հետեւաբար, Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը պահանջած է, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը այս բոլորէն տեղեակ պահէ վարձակալը, այժմու վարձակալութեան պայմանագիրը փոխանցուի իրեն եւ վարձքերն ալ այլեւս փոխանցուին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի դրամատնային հաշւոյն։ Հոգաբարձութիւնը տեղեկացուցած է, որ այլապէս պիտի նախընտրէ ուղղակիօրէն օգտագործել այն իրաւունքները, որոնք կը բխին իր սեփականութեան իրաւունքէն։

Այս զեկուցագիրը Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ուղարկուած է Զէյթինպուրնուի Առաջին նօտարական գրասենեակին միջոցաւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019