ՄԱԿ-Է ՆԵՐՍ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱՎԷՃ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ հիւանդներու շարքին թոքի բորբոքումներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ։ Ըստ իրեն, առողջապահութեան համակարգի աշխատողները մեծ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն։ «Նախազգուշական միջոցներուն հնազանդելով աջակցինք անոնց», կոչ ուղղեց Ֆահրետտին Քոճա։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 113 հազար 317 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1721 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 74 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ բուժուածներու թիւը եղաւ 1241։ Ներկայ դրութեամբ 1573 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Ընդհանրապէս աշխարհի մէջ ալ համաճարակի վերաբերեալ կացութիւնը մտահոգիչ պատկեր մը կը պարզէ։ Եւրոպական շարք մը երկիրներէ ներս կացութիւնը իսկապէս ահազան-

գային կը համարուի։ Հակառակ ձեռք առնուած բոլոր նախազգուշական միջոցներուն, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէ ներս օրէ օր կը բարձրանայ նոր վարակեալներու թիւը։ Կարգ մը երկիրներու պարագային կացութիւնը անցեալ մարտի բաղդատմամբ աւելի վատ է։

Եւրոյանձնաժողովի առողջապահութեան գծով կոմիսար Սթելլա Քիրիաքիտես յայտնեց, որ վերջին բախտ մը կայ՝ անցեալ գարնան ապրուածներուն կրկնութիւնը կանխելու համար։ «Այն ինչ որ ներկայիս կը տեսնեմ եւ յառաջիկայ շաբաթ կամ ամիսներուն կրնամ դիտարկել՝ խոր մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ», ըսաւ Քիրիաքիտես եւ աւելցուց, որ ԵՄ-ի անդամ երկիրները ճիշդ ժամկէտով պէտք է անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնեն։

ԵՄ-ի երկիրներու շարքին ներկայիս Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ օրական նոր վարակումներու թիւը 10 հազարի շեմը գերազանցած է։ Սա մասնաւոր մտահոգութեան պատճառ մըն է։ Վերջին շուրջ մէկ շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի մէջ մրցանիշներ արձանագրուած են այս առումով։ Երէկ 16 հազար 96 նոր վարակեալ արձանագրուեցաւ Ֆրանսայէ ներս, ուր 6 հազարի շեմը գերազանցած է թիւը այն հիւանդներուն, որոնք հիւանդանոցի մէջ կը բուժուին։

ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԲԱՆԱՎԷՃ

Միւս կողմէ, քորոնաժահրի համաճարակի ընթացքը օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս կազմակերպուած յատուկ քննարկումի մը ժամանակ։ Այս փուլին լուրջ բանավէճ մը ծագեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ։ Երկու երկիրներու մշտական ներկայացուցիչ դեսպանները ծանր ամբաստանութիւններ փոխանակեցին։

ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Քելի Քրաֆտ անդրադարձաւ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ իր երկրին հասցէագրուած քննադատութիւններուն։ «Մեղք ձեր բոլորին։ Այսօրուան ժողովի բովանդակութենէն գանեցայ եւ կ՚ամչնամ այս խորհուրդէն։ Մեղք, որ առկայ նուրբ խնդրին փոխարէն՝ խորհուրդի անդամները կը կեդրոնանան քաղաքական քինախնդրութեան վրայ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Չինաստան համաճարակի կապակցութեամբ թափանցիկ չէ վարուած ու պէտք է պատասխանատու համարուի։ «Որքան որ ալ ամփոխավար չըլլայ, որքան որ ալ ընդհանուր ընդունելութիւն չգտնէ, մենք պիտի շարունակենք ընել այն, ինչ որ ճիշդ է», ըսաւ Քրաֆտ։

Անմիջապէս պատասխանեց ՄԱԿ-ի մօտ Չինաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ճանկ Ճիւն, որ «քաղաքական ժահր» որակեց ԱՄՆ-ը եւ զայն մեղադրեց ապատեղեկատուութիւն տարածելով, հակամարտութեան եւ պառակտումի պատճառ դառնալով։ «Այլեւս կը բաւէ, աշխարհի համար արդէն բաւականաչափ խնդիր ստեղծեցիք։ ԱՄՆ պէտք է հասկնայ, որ զուտ իր սխալներուն հետեւանքով չէ կրցած գլուխ հանել համաճարակի դէմ պայքարը։ Աշխարհի վրայ ամենազարգացած բժշկական փորձագիտութիւններուն տէր ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ ամենաբարձր թիւով դէպքերն ու զոհերը ԱՄՆ-ի մէջ են։ Նախքան ուրիշները մեղադրելը, գուցէ ամերիկացի քաղաքական գործիչները անկեղծօրէն պէտք է տան այս հարցման պատասխանը։ Եթէ ոմանք պատասխանատու պիտի համարուին, ապա անոնք ամերիկացի քանի մը քաղաքական գործիչներ են։ ԱՄՆ այս պահուն միջազգային հաւաքականութեան դէմ կը կանգնի եւ բոլորովին առանձին է։ Այլեւս սթափեցէք», ըսաւ Ճիւն։

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ յայտնեց, որ համաճարակը հակակշիռէ դուրս եկած է՝ համաշխարհային պատրաստութեան, համագործակցութեան ու զօրակցութեան բացակայութեան հետեւանքով։ «Կը վախնամ, որ ամենավատը պիտի ապրուի՝ եթէ աշխարհ նոյն պառակտումով ու տակնուվրայութեամբ մօտենայ աւելի մեծ աղէտներուն, որոնց գլխաւորն է կլիմայի փոփոխութիւնը», ըսաւ Կութերես։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020