ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էւա Վրայլան:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, շնորհաւորելով նորանշանակ դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան սկսելուն առիթով, նախարար Լեւոն Մկրտչեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ «կրթութեան բնագաւառին մէջ Յունաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները զարգացման նոր մակարդակ պիտի արձանագրեն», եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող գործնական քայլեր իրականացնելը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով առկայ համագործակցութեան համար՝ դեսպան Էւա Վրայլա կարեւոր նկատած է երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման առումով կրթութեան դերը:
Հանդիպման հիմնական առանցքը կազմած է Հայաստանի եւ Յունաստանի կառավարութիւններուն միջեւ 2016-2020 թուականներուն կրթութեան եւ հետազօտութիւններու բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին ծրագիրը, որուն վերաբերեալ փաստաթուղթը ստորագրուած է այս տարուան Մարտին, Յունաստանի մէջ: Համաձայն ծրագրին՝ կրթական միացեալ ծրագրեր իրականացնելու նպատակով կը նախատեսուի աշխուժացնել բարձրագոյն եւ հետազօտական հաստատութիւններուն միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը, իրականացնել կրթաթոշակներու փոխանակում:
Հայաստանի մէջ յունարէնի եւ մշակոյթի, իսկ Յունաստանի մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի տարածման ու զարգացման նպատակով կը նախատեսուի համալսարաններէն ներս հիմնադրել համապատասխանաբար՝ յունագիտական եւ հայագիտական կեդրոններ: Կողմերուն հաստատումով՝ ծրագրի իրականացումը նոր թափ պիտի հաղորդէ կրթութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման: Միաժամանակ, պատրաստակամութիւն յայտնուած է ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերու՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ նշուած փաստաթուղթի վաւերացումը շուտով ապահովելու համար: