Շարլ Ազնաւուր յունուարի 31-ին համերգ ՊԻՏԻ տայ Մատրիտի մէջ
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր յառաջիկայ տարուան Յունուարի 31-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Սպանիոյ մայրաքաղաքը՝ Մատրիտի մէջ։
Ըստ սպանական El Diario պարբերականին, 92-ամեայ երգիչը համերգ պիտի տայ Սպանիոյ մայրաքաղաքի «Պարքլէյքարտ» կեդրոնին մէջ (Barclaycard Center), ուր վերջին անգամ համերգ սարքած էր 2015 թուականի Մայիսին:
Երգարուեստի վեթերանը, որու իրական անունն է Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, իր ստեղծագործական տարիներուն ընթացքին տարբեր լեզուներով թողարկած է 294 ձայնասկաւառակներ, որոնք վաճառուած են հարիւր միլիոնաւոր օրինակներով: Բառացիկ աշխուժութեան եւ տաղանդի տէր Շարլ Ազնաւուր բազմաթիւ համերգներ սարքած է աշխարհի աւելի քան իննսուն երկիրներու մէջ: Մինչ այդ, Սեպտեմբերին հայազգի երգիչը համերգով մը հանդէս եկած էր Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ: