ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՀԱՄԲԱՒ

Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանէն ներս երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, համալսարան այցելեցին Նոպէլի մրցանակներ նուաճած գիտնականներ՝ Պեն Ֆերինկա եւ Ֆրէյզըր Սթոտտարթ, որոնք մասնակցեցան «Բուժման հաստատութիւններու կառավարում» մագիստրոսական ծրագրի առաջին շրջանաւարտներու աւարտական վկայականներու յանձն-ման արարողութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համալսարանի նիստերու դահլիճին մէջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան, որ ըսաւ. «Այսօր յիշարժան օր մըն է բոլորիս համար։ Բժշկական համալսարանը օրէ օր աւելի յայտնի կը դառնայ աշխարհի մէջ եւ մենք կը կարեւորենք, որ համալսարանը աւարտելու ժամանակ մեր շրջանաւարտները իրենց ճանապարհային քարտէսը ստանան այսպիսի իսկ մարդոցմէ։ Անոնք կը պարտաւորուին ձեր եւ գիտական խորհուրդի առջեւ՝ իրենց որոշումներուն մէջ ըլլալ ծայրայեղ պատասխանատու»։

Երէկուան հանդիսութեան ընթացքին Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր հիւր գիտնականներուն շնորհուեցաւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի Պատուակալ տոքթորի կոչում։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018