ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԷՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ժընեւ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հարցազրոյց մը տուաւ Զուիցերիոյ պաշտօնական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանին (RTS)։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարցազրոցին մէջ Արմէն Սարգսեան անդրադարձ կատարեց հայկական հարցին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Յառաջիկայ նոյեմբերի 11-ին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին աշխարհամարտի աւարտի 100-ամեակը։ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյցի ընթացքին յոյս յայտնեց, թէ այդ յոբելեանը առիթ պիտի հանդիսանայ «Ճանչնալու կամ յիշելու համար 1915-1916-ին հայերու կրած ցեղասպանութիւնը»։ Ան այս կապակցութեամբ ըսած է հետեւեալը.

«Ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կարելի է խօսիլ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մասին՝ առանց անդրադառնալու այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցած է շուրջ 105 տարի առաջ եւ առանց խօսելու ցեղասպանութեան մասին։ Երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ճանաչումը կամ կոչը բարձր կը գնահատուի իմ կողմէ, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի կողմէ։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս ժողովուրդի մը վերաբերեալ ողբերգութեան մը ճանաչումը չէ։ Նախ եւ առաջ սա 20-րդ դարու առաջին, ամենամեծ ցեղասպանութիւնն է։ Քանի որ ան չկանխուեցաւ, ճանաչում եւ դատապարտում չունեցաւ, յետագային եւս 20-րդ դարուն ցեղասպանութիւնները կրկնուեցան»։

Հարցազրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան յայտնեց, թէ ներումը կու գայ ճանաչումէ վերջ։ Իրեն հարց տրուեցաւ, թէ ունի՞ պատգամ մը՝ ուղղեալ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։ Ի պատասխան ան նշեց, որ պատրաստ է երկխօսութեան եւ յղում ըրաւ իր քրիստոնէական համոզումներուն։ Ան չբացառեց, որ օր մը ներում կ՚ըլլայ, սակայն ներումը կու գայ ճանաչումէն վերջ։ Իր համոզմամբ՝ այդ ճանաչումը պատմական աւելի լայն ընդգրկում կ՚ունենայ, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։ Արմէն Սարգսեան ըսաւ.

«Ես նախ եւ առաջ Էրտողանին կ՚ըսէի. բարեւ, պարոն նախագահ։ Կը կարծեմ՝ մենք միասին քննարկելու հարց մը ունինք։ Դուն Թուրքիոյ նախագահն ես, իսկ ես՝ Հայաստանի։ Իմ ընտանիքը, իմ նախնիները Էրզրումէն, Վանէն ու Պիթլիսէն են։ Իմ հին ընտանիքը պատմութիւն ունի։ Ինչո՞ւ չխօսինք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու մասին, ինչո՞ւ չխօսինք մեր անձնական պատմութիւններու մասին։ Մենք պէտք է խօսինք ոչ միայն պատմութեան, այլեւ ապագայի մասին՝ քու եւ իմ երեխաներու, թոռներու ապագայի, մեր երկու ժողովուրդներու մասին։ Ես քրիստոնեայ եմ։ Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ, որ միշտ կայ ներելու հնարաւորութիւն, սակայն ներողամտութիւնը կրնայ յաջորդել ճանաչման»։

Հարցազրոյցի ընթացքին Սարգսեան տեղեկացուց, որ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ համաձայնած են՝ որպէսզի 2019 թուականի հոկտեմբերին բարեգործական մեծ համերգ մը կազմակերպուի ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի։ Այդ համերգը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ։ Ծրագրին մասնակցութիւն պիտի բերեն աշխարհա-հըռչակ բազմաթիւ դերասաններ եւ երգիչներ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018