ԵՐԴՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Վճռաբեկ ատեանի 8-րդ բաժանմունքը ուշագրաւ վճիռ մը արձակեց Թուրքիոյ կրթական կեանքին տեսակէտէ։ Ինչպէս ծանօթ է, 2013 թուականին կառավարութեան որոշումով դադրեցուած էր դպրոցներէ ներս ամէն առաւօտ աշակերտական երդում կատարելու ստիպողութիւնը։ Այդ կարգադրութեան կապակցութեամբ բացուած էին դատեր, սակայն գործադրութիւնը արդէն ընթացքի մէջ էր։ Այս վերջին օրերուն Վճռաբեկ ատեանի պատկան բաժանմունքը վճիռ մը արձակեց՝ այդ գործադրութեան կա-սեցման համար։ Այս իրադարձութիւնը սկսաւ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել երկրի օրակարգին վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ այս մասին ըսաւ. «Մինչեւ հիմա ո՞ւր էր ձեր միտքը»։

Երէկ, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը իր հերթին դիմեց Վճռաբեկին՝ որպէսզի գործադրութեան կասեցման վերաբերեալ այդ վճիռը բեկանուի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018