ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Սեփական լրատուութիւն.-

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Հայրապետներու հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները եղբայրաբար ողջագուրուեցան՝ փոխադարձ զօրակցութեան տրամադրութեամբ։ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը անշուշտ ունէր նաեւ էքիւմենիք նշանակութիւն։ Առաքելական պալատէն ներս Սրբազան Պապը շատ ջերմ հիւրասիրութեան առարկայ դարձուց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան, Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան, գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան եւ աշխարհահըռ-չակ յօրինող Տիգրան Մանսուրեան։

Երէկ, օրուան տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի մէջ։ Օրուայ սկիզբին Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Սանտրիի կողմէ։ Այս հանդիպումէն վերջ, կէսօրին ճաշասեղանի շուրջ Վեհափառ Հայրապետը Կարտինալ Սանտրիի եւ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քոխի հետ էր։ Ճաշէն վերջ Նորին Սրբութիւնը առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Կարտինալ Քոխի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Վատիկանի Պետական նախարար (վարչապետ) Կարտինալ Փարոլիի հետ։

Օրուան կարեւորագոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը մեծ պատիւներով դիմաւորուեցաւ Առաքելական պալատէն ներս։ Երկու հովուապետները ողջագուրուեցան եղբայրաբար եւ առանձնազրոյց մը ունեցան շուրջ կէս ժամ։ Աւելի վերջ Սրբազան Պապը եւ Վեհափառ Հայրապետը փոխադարձ օրհնութիւններ փոխանցեցին իրարու ընկերակիցներուն։ Այս փուլը նշանաւոր-ւեցաւ յատկանշական իրադարձութիւնով մը։ Արդարեւ, աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան վերջերս հեղինակած էր օրաթորիօ մը՝ ձօնուած Սրբազան Պապին։ Անցեալ ամիս այդ օրաթորիոյի կատարումը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Ֆլորանսայի մէջ։ Իսկ երէկ Տիգրան Մանսուրեան այդ օրաթորիոյի բնագիր ձայնագրութիւնը նուիրեց Սրբազան Քահանայապետին։ Բաց աստի, ըստ ընկալեալ սովորութեան երկու եկեղեցիներու հայրապետները փոխանակեցին յուշանուէրներ։

Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ Հռոմի Սրբազան Պապի տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նշանակումը՝ որպէս Արեւմը-տեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ։ Վեհափառ Հայրապետը այս կարգադրութեան դիմելէ առաջ նամակ մը ուղարկած էր Սրբազան Քահանայապետին եւ այս վերջինն ալ անմիջապէս տուած էր իր օրհնութիւնը։ Հայոց Հայրապետը երէկուան զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Պապի օրհնութեան ու դրական վերաբերմունքին համար։ Երկու հայրապետները համամիտ գտնուեցան, որ այդ նշանակումը կը ծառայէ երկու քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւններու զօրացման ու խորացման նպատակին։

Վատիկանի երէկուան հանդիպումներուն ընթացքին, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարները հետաքրքրութիւն ցոյց տուին Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Վեհափառ Հայրապետը բացատրութիւններ տուաւ երկրի ներքին կեանքէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին եւ մասնաւորապէս ուրախութիւն յայտնեց, որ ամէն ինչ տեղի ունեցած է առանց արիւնահոսութեան եւ ցաւալի հետեւանքներու։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միշտ ժողովուրդին յորդորած է քաղաքացիական իրաւունքներէ օգտուելու ժամանակ զերծ մնալ ծայրայեղութիւններէ՝ կանխելու համար ան-շըրջադարձելի եւ մարդկայնօրէն ծանր հետեւանքները։

Վատիկանի շփումները աւարտելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ Հռոմի օդակայանը։ Նորին Սրբութեան եւ իր շքախումբին հրաժեշտ տալու փութացած էին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Վատիկանի մօտ Հայաստանի փոխ-դեսպան Անահիտ Սիրունեան, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետը այսօր վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018