ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որով Վարուժան Ներսիսեան նշանակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան։

Վերջին տարիներուն Ուաշինկթընի մէջ կը պաշտօնավարէր Գրիգոր Յովհաննիսեան, որուն ներկայիս դեսպանի պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Վարուժան Ներսիսեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Գրիգոր Յովհաննիսեան ետ կանչուած է դեսպանի պաշտօնէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018