ՄԱՀ՝ ԶԱՒԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ

Ցաւով տեղեկացանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լուսանկարիչ եւ գեղարուեստական գործիչ Զաւէն Սարգսեան։ Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէնն էր ան, որ 73 տարեկան հասակին հեռացած է կեանքէ։ Իր կորուստը ստեղծած է մեծ ցաւ։

1947 թուականին ծնած էր Զաւէն Սարգսեան, որ եղած էր Սերկէյ Փարաճանովի անձնական լուսանկարիչը։ Յաջորդող շրջանին ան եղած էր նաեւ մեծանուն արուեստագէտի ի յիշատակ Երեւանի մէջ ստեղծուած տուն-թանգարանի հիմնադիրը։ Զուգահեռաբար ստանձնած էր տնօրէնի պաշտօնը, զոր կը վարէր ձեռնհասօրէն։ Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանը իր մականին ներքեւ միշտ պատնէշի վրայ մնացած է՝ որպէս Հայաստանի ամենաօրինակելի պատմամշակութային հաստատութիւններէն մին։ Տասնամեակներ շարունակ Զաւէն Սարգսեան լուսանկարչական ասպարէզին մէջ ալ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է եւ իր նկարահանած դրուագներով կազմուած զանազան ալպոմներ արժանացած են լայն գնահատանքի։

Զաւէն Սարգսեան կարեւոր ներդրում մը ունեցած էր նաեւ Իսթանպուլի մէջ մօտաւոր անցեալին, Բերայի թանգարանէն ներս տեղի ունեցած Փարաճանովի ցուցահանդէսի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Մասնակցած էր նաեւ այդ ցուցահանդէսի բացման հաւաքոյթին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զաւէն Սարգսեանի յուղարկաւորութեան համար կազմուած է թաղման կառավարական յանձնաժողով մը։ Իր մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020