ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՇՕՇԱՓՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ, Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նպատակով ստեղծուած Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի գլխաւոր դէմքն է Ալեքսէյ Օվերչուք։ Ան Ռուսաստանի կողմէ այդ աշխատանքային խումբի համանախագահն է։ Երեւանի շփումներուն առընթեր, Ալեքսէյ Օվերչուք երէկ այցելեց նաեւ Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Իր այս շրջագայութիւնը նախորդեց վաղը Սոչիի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ ու մասնակցութեամբ Փաշինեանի եւ Ալիեւի։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Օվերչուք երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկեցին հայ-ռուսական երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Շօշափուեցան նաեւ զանազան խնդիրներ, որոնք կը վերաբերին յիշեալ եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ 11 յունուած 2021 թուականին Փաշինեանի, Փութինի եւ Ալիեւի կողմէ կատարուած եռակողմանի յայտարարութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքի ապագայ ընթացքին։

Ալեքսէյ Օվերչուք Իլհամ Ալիեւի հետ ալ քննարկեց տարածաշրջանէ ներս փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով զբաղող եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր եւ 11 յունուար 2021 թուականի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց նախագահ Փութինի միջազգային մշակութային համագործակցութեան գծով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոն։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան մարդասիրական ու մշակութային ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Կողմերը շօշափեցին նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով այլ հարցեր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021