ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄԻ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ

Ատրպէյճանի Նաւթի պետական ընկերութիւնը՝ ՍՕՔԱՐ կը պատրաստուի անգլիական BP ընկերութեան հետ նաւթաքիմիական համալիր մը ստեղծել Ալիաղայի մէջ, Իզմիր։ www.haberler.com կայքէջի հաղորդումներով, արդէն այս ուղղութեամբ շրջանակային համաձայնագիր մը ստորագրուած է երկու ընկերութիւններուն միջեւ։ Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ BP եւ ՍՕՔԱՐ կ՚ակնկալեն այս համալիրի համար ծրագրաւորման աշխատանքներու սկիզբը Թուրքիոյ կողմէ։ Երկու ընկերութիւնները համատեղ ներդրում մը կատարելու վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի տան յաջորդ տարի, ուստի ներկայիս կը շարունակուին համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքները։ Եթէ այդ երկու ընկերութիւնները տան համատեղ ներդրում մը կատարելու որոշումը, ապա խնդրոյ առարկայ նաւթաքիմիական համալիրի օգտագործումը պիտի սկսի 2023 թուականին։

Ըստ նոյն յայտարարութեան, ծրագրաւորուած այս համալիրը այնպէս մը պիտի գործէ, որ պիտի համարկէ ՍՕՔԱՐ-ի ՍԹԱՐ զտարանի (Ալիաղա) եւ ՓԵԹՔԻՄ-էն մատակարարուելիք հումքը։

ՍՕՔԱՐ-ի Թուրքիոյ մասնաճիւղի ղեկավար Վաքըֆ Ալիեւ յայտնեց, որ Ալիաղան Եգէականի ափէն դէպի աշխարհ բացուող դուռ մըն է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Այնտեղ կառուցուած մեծ զտարանով եւ նաւթաքիմիական համալիրով պիտի շարունակեն բերել իրենց նպաստը եղբայրական երկու երկիրներու տնտեսութեան։

BP-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Լուի Սիէրրան ալ յայտնեց, որ եթէ ծրագրուած համալիրը կառուցուի, ապա այդ մէկը իր նմաններու շարքին մեծագոյնը պիտի ըլլայ երկրագունդի արեւմտեան կէսին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018