ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ՑԱՒ
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը անբացատրելի ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մինչ թուրք զինեալ ուժերը յամառ պայքարով, վճռակամութեամբ ու զոհողութիւններով կը կատարեն իրենց առաջադրանքները, վերջին օրերուն նահատակուեցան 12 զինուորներ, որոնց կորուստը կը սգայ ամբողջ երկիրը։ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը այս տարեվերջին դարձեալ խլեց երիտասարդ կեանքեր՝ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան յարձակման հետեւանքով։
Այս բոլորէն վերջ բանակը անմիջապէս շարժման անցաւ եւ ռազմաօդային ուժերը Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսին թիրախաւորեցին ահաբեկիչները։ Օդային գործողութիւններուն ընթացքին ռմբակոծուեցան ահաբեկչական 29 թիրախներ։ Բազմաթիւ ահաբեկիչներ չէզոքացուեցան բանակին կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ այս ցաւալի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան տեղեկացուց, որ անջատողական տականքներէն բազմապատիկ հարցուած է՝ իրենց պատճառած արիւնահոսութեան հաշիւը ու կը հարցուի։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ անդրադարձան դէպքերուն՝ միանալով երկրէն ներս յառաջացած համատարած պոռթկումին։
Նահատակներու ընտանիքները Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերով բառին բուն իմաստով ցնցումի մատնուեցան։ Անոնց ծննդավայրերէն ներս, իրենց հայրենական բնակարաններուն վրայ պարզուեցան մեծադիր դրօշակներ։